2012-09-25 09:33:16

<> Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը.
Մեկնելով Լիբանանէն


Ռատիովատիկանի տնօրէն՝ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի այս շաբթուայ խմբագրականը նուիրուած է ՜՜Սրբազան Հօր Լիբանան այցելութեան ու անոր թողած պատգամներուն՝՝։
Հազուադէպօրէն պատահած է - կը գրէ Հայր Լոմպարտին - որ Սրբազան Հօր պատգամը առաքելական ճամբորդութեան մը ընթացքին հասկնալի եւ ընդունելի ըլլայ ու միաձայնութեամբ հիացուամի արժանանայ։

Անզէն մարգարէի առաքելութիւնը, որ առանց վարանելու գացած էր խօսելու խաղաղութեան մասին, անիկա հակամարտութիւններու մէջ ապրող՝ շրջանի մը մէջ, զօրաւոր ու հազուադէպ պատգամի մը ապացոյցը եղաւ։

Երբ ամէնուրեք հիմնականօրէն կը շարունակուի ապաւինիլ իշխանութեան ու զէնքի, եւ ատելութիւնը կ՛աճի, երկխօսութեան եւ փոխադարձ յարգանքի խօսքերը, հաշտութեան հրաւէրը ու զանազան կրօններու պատկանող երիտասարդներուն ուղղուած յորդորը՝ ՜՜միասնաբար կառուցելու խաղաղ ապագայ մը՝՝ արձագանգնեցին յստակ եւ հրապուրիչ ճշմարտութեամբ <<իշխանութեամբ խօսող>> մէկու մը բերնէն։

Յատուկ քաջալերական է մահմետական առաջնորդներու ընդունելութիւնը որ Խաղաղութեան պատգամը ողջունեցին յարգանքով եւ Քրիստոնեաներու ու իսլամներու միջեւ համագործակցութեան հոգիով։
Անկեղծ յարգանքը հանդէպ ուրիշին համոզումներուն, հիմը կը կազմէ այն մտածողութեան, այն բառերուն եւ խաղաղութեան այն երեւոյթին, որոնց մասին Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս խօսեցաւ եւ որը ամէնուն ու համայն աշխարհի համար անհրաժեշտ է, անպատասխանատու հակազդեցութիւններ յարուցելու համար։

Սրբազան Քահանայապետը եւ Եկեղեցին խաղաղութեան ի նպաստ իրենց պարտաւորութիւնը կ՛ընեն եւ բոլոր անոնք որոնք քաղաքական ռազմական կամ հաղորդակցութեան միջոցներու տէր են, պէտք է մասնակցին այս յանձնառումին մարդկութեան կարեւոր ապագայի մը համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.